image

Ռուսիոյ Վորոնեժ քաղաքին մէջ անօդաչու ինկած է. Կան տուժածներ

Ռուսիոյ Վորոնեժ քաղաքին մէջ անօդաչու ինկած է. Կան տուժածներ

Ուրբաթ՝ 9 յունիսին, Վորոնեժի Պելինսքի փողոցին մէջ անօդաչու թռչող սարք ինկած է։

Ռուսիոյ Դաշնութեան Վորոնեժի մարզի նահանգապետ Ալեքսանտր Կուսեւը յայտնած է անօդաչու թռչող սարքի իյնալու հետեւանքով տուժածներու թուի աճի մասին։

«Ապակի բեկորները վնասած են 3 հոգի, որոնց տեղւոյն վրայ օգնութիւն ցուցաբերուած է. մարդիկ հրաժարած են հիւանդանոց տեղափուելէ»,- գրած է Կուսեւ Telegram-ի իր էջին։

«Դէպքի վայրին մէջ կ'աշխատին Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը եւ այլ յատուկ ծառայութիւններ, ես խորհրդակցութիւններ կ'ունենամ՝ միջադէպը վերլուծելու համար»,- նշած է ան։