image

Ռուսիոյ մէջ լուրջ ճեղքեր կան. Պլինքըն

Ռուսիոյ մէջ լուրջ ճեղքեր կան. Պլինքըն

«Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան վարձկաններու առաջնորդ եւ մերձաւոր դաշնակից Եւկենի Փրիկոժինի կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ ընդվզած ապստամբութիւնը կ'ընդգծէ, թէ ինչպէս Փութինի՝ Ուքրանիա ներխուժելու որոշումը  քաոս սերմանած է նաեւ իր երկրին մէջ: Այս մասին ABC-ի հետ զրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն։

«Այս ծիրէն ներս 16 ամիս առաջ Փութին Ուքրանիոյ մէջ Քիեւի մօտ էր ու կ'ուզէր քանի մը օրուան ընթացքին վերցնել քաղաքը, ջնջել երկիրը քարտէզէն: Այժմ ան պէտք է պաշտպանէ Մոսկուան՝ Ռուսիոյ մայրաքաղաքը, իր իսկ ստեղծած վարձկանի դէմ»,-ըսած է Պլինքըն ABC «Այս շաբաթ» ծրագրի հաղորդավար Ճոնաթան Քարլին:

«Մենք տեսած ենք, որ ի յայտ եկած են քանի մը շատ լուրջ ճեղքեր», -ըսած է Պլինքըն։

«Ո՞ւր կ'երթան անոնք, եթէ որեւէ տեղ, ե՞րբ կը հասնին այնտեղ, շատ դժուար է ըսել: Ես չեմ ուզեր ենթադրութիւններ ընել»,- աւելցուցած է  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը։

Պլինքընի կարծիքով՝ Փրիկոժինի ապստամբութիւնը վերջինը պիտի չըլլայ։