image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ մէջ աւելի հայ կ՚ապրի, քան Հայաստանի. Փեսքովէն սլաք՝ Փաշինեանին

Ռուսիոյ մէջ աւելի հայ կ՚ապրի, քան Հայաստանի.  Փեսքովէն սլաք՝ Փաշինեանին

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ Ռուսիա կը գնահատէ Հայաստանի հետ կառուցողական յարաբերութիւնները, սակայն հնարաւոր չէ համաձայնիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թէզերուն հետ՝ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան ձախողման մասին։

Աւելի վաղ Փաշինեան հարցազրոյց տուած էր իտալական La Repubblica-ին, ուր, մասնաւորապէս, յայտարարած էր, թէ Ռուսիա իբր դուրս կ'ելլէ Լեռնային Ղարաբաղէն։

«Ռուսիա այս տարածաշրջանի անբաժանելի մասն է, ուստի չի կրնար որեւէ տեղ հեռանալ, Ռուսիա չի կրնար լքել Հայաստանը»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով։ Ան յորդորած է չմոռնալ, որ «Ռուսիոյ մէջ աւելի շատ հայեր կ'ապրին, քան բուն Հայաստանի», որոնց մեծ մասը Ռուսիոյ Դաշնութեան հայրենասէր քաղաքացիներ են եւ արժանի աւանդ ունին երկրի զարգացման գործին մէջ։

Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին պարբերաբար փոխհրաձգութիւններ տեղի կ'ունենան: Վերջին լուրջ սրացումը տեղի ունեցած է 2022 թուականի 13 սեպտեմբերի գիշերը։

Անցեալ տարի Երեւանն ու Պաքուն Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ սկսան քննարկել ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրը։ 2023 թուականի մայիսի վերջին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը Ղարաբաղի տարածքի հետ մէկտեղ՝ 86,6 հազար քառակուսի քիլոմեթր ընդհանուր մակերեսով։ Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը մօտ ապագային կրնան խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, եթէ Երեւան չփոխէ իր դիրքորոշումը։