image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց փոխնախարարը հանդիպած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններուն հետ

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց փոխնախարարը հանդիպած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններուն  հետ

Ապրիլ 27-ին ՌԴ ԱԳ փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը առանձին հանդիպումներ ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններ Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Փոլատ Պիւլպիւլ օղլուի հետ։

ՌԴ ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ քննարկուած է Լաչինի միջանցքին մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի զարգացումը։

Վերահաստատուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ 2020-2022 թուականներու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու ողջ շրջանակի խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը։