image

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Իրանի եւ Թուրքիոյ գործընկերներու հետ Տոհայի մէջ պիտի քննարկէ սուրիական խնդիրը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Իրանի եւ Թուրքիոյ գործընկերներու հետ Տոհայի մէջ պիտի քննարկէ սուրիական խնդիրը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը այսօր Տոհայի մէջ կ՚ակնկալէ հանդիպիլ Իրանի և Թուրքիոյ իր գործընկերներու՝ Ապպաս Արաքչիի եւ Հաքան Ֆիտանի հետ՝ քննարկելու Սուրիոյ մէջ իրավիճակի սրացումը։

Ինչպէս Լաւրովը նշած է ամերիկացի լրագրող Թաքեր Քարլսընին տուած հարցազրոյցին, ռուսական կողմը տեղեկութիւններ ունի, թէ որոնք կ՚աջակցին Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն։ Եւ ռուսական կողմը պիտի ուզէր այս գործընթացի բոլոր գործընկերներուն հետ քննարկել՝ ինչպէս փակել անոնց ֆինանսաւորման եւ սպառազինութեան աղբիւրները։

«Հանրային տիրոյթին մէջ գտնուող տեղեկատւութեան մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուին ամերիկացիները, բրիտանացիները եւ քանի մը այլ դերակատարներ»,-ըսած է Ռուսիոյ նախարարը՝ խօսելով այն մասին, թէ որու ձեռնտու է մագլցումը։

Անոր խօսքով՝ ոմանք կ՚ըսեն, որ Իսրայէլը շահագրգռուած է իրավիճակի սրմամբ, որ Կազայի հատուածն ուշադրութեան կեդրոն չըլլայ։

Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավարն ընդգծած է, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը կայունացնելը դժուար է. այդ բարդ խաղ է, որուն մէջ բազմաթիւ գործող անձինք ներգրաւուած են։ Միեւնոյն ժամանակ ան կ՚ակնկալէ, որ բանակցութիւնները պիտի օգնեն կայունացնելու իրավիճակը։