Ռուսիան պատրաստ է առաջինը կիրառել միջուկային հրթիռներ, եթէ երկրի գոյութեան իրական վտանգ սպառնայ։ Այս մասին URA.RU-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՌԴ Պետդումայի պաշտպանութեան hարցերով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ՝ Ալեքսէյ Ժուրավլեով։
«Ռուսիան կարող է առաջին միջուկային հարուածը հասցնել: Այդ տեղի կ'ունենայ, եթէ սպառնալիք ըլլայ Ռուսիոյ Դաշնութեան գոյութեան»,- պարզաբանած է Ժուրավլեով։
Աւելին, ըստ անոր, այսօր Միացեալ Նահանգները ամէն ինչ կ'ընէ Երրորդ համաշխարհային պատերազմ սկսելու համար։
«Պարզապէս ոչ իրենց տարածքին վրայ: Այդուհանդերձ, անոնք կը փորձեն գործը չյանգեցնել միջուկային հարուածներու, բայց կը փորձեն ամբողջ Եւրոպան ներքաշել Ռուսիոյ հետ հակամարտութեան մէջ եւ բորբոքել իրավիճակը Ասիոյ մէջ։ Անոնք կը կարողանան իրենց բոլոր խնդիրները վերագրել պատերազմին, ինչպէս արդէն ըրած են Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն. անոնք իրենց ճգնաժամէն դուրս եկան միայն Եւրոպայի պատերազմի շնորհիւ»,- ըսած է պատգամաւորը։