Ռուսիան կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին. այս մասին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն:
Ատրպէյճանի նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ընդգծած է երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը տարածաշրջանային անվտանգութեան, ռազմատեխնիկական, փոխադրամիջոցներու եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան հեռանկարները։
Իլհամ Ալիեւ իր հերթին նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները օրինակ են որոշ դրացի պետութիւններու համար եւ այդ գնահատած է որպէս Հարաւային Կովկասի եւ աւելի լայն տարածաշրջանի մէջ անվտանգութեան կարեւոր գործօն։