image

Ռուսիան կարգաւորման կողնակից է. Շոյկու Պաքուէն յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ

Ռուսիան կարգաւորման կողնակից է. Շոյկու Պաքուէն  յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ

Ռուսիան կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին. այս մասին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, Պաքուի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն:

Ատրպէյճանի նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ընդգծած է երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը տարածաշրջանային անվտանգութեան, ռազմատեխնիկական, փոխադրամիջոցներու եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան հեռանկարները։

Իլհամ Ալիեւ իր հերթին նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները օրինակ են որոշ դրացի պետութիւններու համար եւ այդ գնահատած է որպէս Հարաւային Կովկասի եւ աւելի լայն տարածաշրջանի մէջ անվտանգութեան կարեւոր գործօն։