Ռուսիան ու Ուքրանիան գերիներ փոխանակած են «95-էն 95» ձեւաչափով՝ թելեկրամեան ալիքով յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Ներկայիս բոլոր ռուս զինուորականները կը գտնուին Պելառուս Հանրապետութեան տարածք, ուր անոնց կը ցուցաբերուին անհրաժեշտ հոգեբանական եւ բժշկական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կը տրուի կապ հաստատելու հարազատներուն հետ»,- ըսուած է գրառման մէջ։
Ռուսական գերութենէն 95 ուքրանացիներու վերադարձը թելեկրամեան ալիքով հաստատած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։ Անոր խօսքով՝ վերադարձած են Մարիուփոլի եւ Ազովսթալի, Տոնպասի, ինչպէս նաեւ Քիեւի, Լուկանսքի, Խարքովի, Խերսոնի ու Չեռնիկովի շրջաններու պաշտպանները։
Գերիներու փոխանակումն իրականացուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջնորդութեամբ