image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիան աթոմական զէնքեր պիտի տեղադրէ Մինսքի մէջ

Ռուսիան աթոմական զէնքեր պիտի տեղադրէ Մինսքի մէջ

Պելառուսիոյ եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները Վիքթոր Խրենին եւ Սերգէյ Շոյկու Մինսքի մէջ հանդիպման ժամանակ փաստաթուղթեր ստորագրած են Պելառուսիոյ տարածքին ռուսական ոչ ռազմավարական միջուկային միջոցի տեղակայման կարգի վերաբերեալ, յայտնած է ՊԵԼԹԱ-ն։

Վիքթոր Խրենին եւ Սերգէյ Շոյկու քննարկած են նաեւ «ռազմաքաղաքական իրավիճակը եւ պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու միջեւ ռազմաարդիւնաբերական համագործակցութեան հարցերը»։

Շոյկու Պելառուսիան անուանած է Ռուսիոյ «հաւատարիմ դաշնակից եւ յուսալի  գործընկեր» եւ ըսած, որ երկու երկիրները միասին կը դիմակայեն  «հաւաքական Արեւմուտքին», որ իբր չյայտարարուած պատերազմ կը մղէ իրենց դէմ։ Միեւնոյն ժամանակ, Շոյկու նշած է, որ խօսքը Պելառուսիոյ միջուկային զէնքի փոխանցման մասին չէ. անոր կիրառման որոշումը պիտի կայացնէ Մոսկուան։