image

Ռուսիա հաւասար յարաբերութիւններ կը պահպանէ ԵԱՏՄ բոլոր երկիրներուն հետ

Ռուսիա հաւասար յարաբերութիւններ կը պահպանէ ԵԱՏՄ բոլոր երկիրներուն հետ

Փաստը, որ Պելառուսիան եւ Ռուսիան ինչպէս Եւրասիական տնտեսական միութեան, այնպէս ալ Միութենական պետութեան մասնակիցներ են, չի նշանակեր, թէ մեր երկիրն ինչ որ սահմանափակումներ ունի Հայաստանի, Ղազախիստանի եւ Խրխզըստանի հետ փոխգործակցութեան նման մակարդակի հասնելու առումով։

Ըսած է Պելառուսիոյ մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Պորիս Կրիզլով «Շաբ. Պելառուսիան այսօր» պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածով, տեղեկացուցած է ՌԻԱ Նովոսթի.-

«Կ'ուզեմ ընդգծել, որ Ռուսիան մտադրութիւն չունի համագործակցելու որեւէ մէկուն հետ՝ ի վնաս ուրիշի»,- նշած է Կրիզլով։

Դեսպանն ընդգծած է, որ Ռուսիոյ համար կարեւոր է այսուհետեւ եւս ամրապնդել արդէն ստեղծուած կապերը հայ, ղազախ եւ խրխըզ բարեկամներուն հետ, որոնց հետ իրենք խոր պատմական եւ մշակութային կապեր ունին։