«Որոշ տեղերում կարող է հարցեր լինեն, բայց ընդհանուր առմամբ ամբողջ սպեկտրը հաշուի առնելով ճգնաժամ չեմ տեսնում Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններում»,- այս մասին Յաղթանակ զբօսայգիին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։
Ան շեշտած է, որ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները լայն օրակարգ ունին եւ, ընդհանուր առմամբ, ճգնաժամ չի տեսներ յարաբերութիւններուն մէջ։
Հարցին, թէ Ռուսիոյ Դաշնութենէն տարբեր մակարդակով յայտարարութիւններ հնչած են, օրինակ, Ուքրանիոյ նախագահին Հայաստանի մէջ հարթակ տրամադրելուն, Գրիգորեանն ըսած է, որ իրենք միջազգային մակարդակի համաժողով կազմակերպած են Հայաստանի մէջ եւ հետեւած են այդ համաժողովի ձեւաչափին համապատասխան բոլոր գործընթացներուն։
Հարցին, որ մայիս 8-ին վարչապետը յայտարարած է, որ Ղարաբաղեան շարժումը ճակատագրական սխալ եղած է, ինչպէս կը մեկնաբանէ, Գրիգորեանն ըսած է․
«Ճիշդ կը լինի վարչապետին այդ հարցերը տաք, բայց ընդհանուր առմամբ այն իրականութիւնը, որ մենք այսօր ունենք, ցոյց է տալիս հենց վարչապետի յայտարարութեան տրամաբանութիւնը, որովհետեւ եթէ այդ ճանապարհը, որ մենք ընտրել ենք, արդիւնաւէտ լինէր, այսօր մենք այս արդիւնքը չէինք ունենայ»։