image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսերը կը շարունակեն ապահովել դէպի Արցախ ուղեւորուելու անվտանգութիւնը

Ռուսերը կը շարունակեն ապահովել դէպի Արցախ ուղեւորուելու անվտանգութիւնը

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինուորները կը շարունակեն շուրջօրեայ վերահսկողութիւն իրականացնել 27 դիտակէտի մէջ՝ ապահովելով  մարդոց եւ ինքնաշարժներու անվտանգ մուտքն ու ելքը Լեռնային Ղարաբաղ: 

Վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին ռուս խաղապահները ապահոված են աւելի քան 200 միաւոր տարանցիկ փոխադրամիջոցի եւ շուրջ 1000 մարդու անվտանգ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով դեպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ հակառակ ուղղութիւններով:

«Դիտակէտի անձնակազմը հրադադարի շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ'իրականացնէ: Զինուորները կ'ապահովեն տարանցիկ բեռնակառքերու տեղաշարժը անցակէտով: Հնարաւոր սադրանքները կանխելու նպատակով ստուգման կ'ենթարկուին երկու ուղղութեամբ երթեւեկող բոլոր ինքանշարժները», ըսած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչ Եվկէնի Միշինը: