image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանը պիտի չհեռացնէ իր զօրքերը Արցախէն. Ռուս գործիչ

Ռուսաստանը պիտի չհեռացնէ իր զօրքերը Արցախէն. Ռուս գործիչ

Ռուսաստանը չի պատրաստուուիր դուրս բերելու իր խաղաղապահ զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղէն: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այսպիսի կարծիք յայտնած է ռուսաստանցի ռազմական փորձագէտ Վլատիմիր Եւսէեւը՝ մեկնաբանելով խաղաղապահ զօրամիաւորման նախկին հրամանատար Ռուստամ Մուրատովի յայտարարութիւնը:

«Ես կը կարծեմ, որ Ռուսաստանը չի ծրագրեր 5 տարուան ժամկէտը լրանալէն ետք դուրս բերել խաղաղապահները (Լեռնային Ղարաբաղէն): Բայց ամէն ինչ, ի հարկէ, կախուած պիտի ըլլայ ընթացիկ իրավիճակէն: Ատրպէյճանը, անշուշտ, պիտի փորձէ ինչ-որ կերպ դուրս մղել ռուս խաղաղապահները, բայց չեմ կարծեր, թէ ան կը յաջողի»,- ըսած է ռուսաստանցի փորձագէտը:

Այս ծիրէն ներս Եւսէեւը նկատած է, որ պատերազմէն գրեթէ մէկ տարի անց Ատրպէյճանը, ըստ էութեան, չէ իւրացուցած իր կողմէ բռնագրաւուած տարածքները:

«Ես այդքան ալ չեմ տեսներ՝ ինչպէս Ատրպէյճանը կ'իւրացնէ  Ղարաբաղը: Այդ տեսանելի չէ: Ռազմական որոշ իւրացում կայ, բայց տարածքներու բնակեցում չի նկատուիր: Փաստօրէն, այն 7000 ատրպէյճանցիները, որոնց կորսնցուց Ատրպէյճանը պատերազմին, անիմաստ զոհուեր են: Կը ստացուի՝ գրաւած են տարածքներ, ուր ոչ ոք կ'ապրի: Այդ պարագային ի՞նչ իմաստ ունէր այդքան զոհեր տալը: Ի՞նչ կ'ընեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, օրինակ, արաբները: Ինչո՞ւ անոնք այնտեղ յայտնուեցան: Հարցերը շատ են: Ուստի կը կարծեմ, որ առայժմ շուտ է խօսիլ այն մասին, թէ ինչ պիտի ըլլայ 4 տարի անց: Բայց ամէն պարագայի կը կարծեմ, որ Ռուսաստանը չի պատրաստուիր դուրս բերելու խաղաղապահները: Սա իմ անձնական տեսակէտն է», - մեկնաբանած է Վլատիմիր Եւսէեւը: