Ռուսաստանը պիտի չկարենայ մասնակցիլ 2022 թուականին կայանալիք «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին, յայտնած են երաժշտական մրցոյթին կազմակերպիչները:
Աւելի վաղ ֆինլանտական «Yl»e հեռուստաընկերութիւնը յայտարարած էր, որ տակաւին չընտրուած մասնակցին չուղարկէ «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին 2022 թուականին, եթէ անոր մասնակցի Ռուսաստանի ներկայացուցիչը:
«Եւրոտեսիլ-2022»-ի եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ 2022 թուականի Մայիսի 14-ին, իտալական Թուրինի մէջ: