Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին հաստատած է պատուիրակութեան կազմը, որ պիտի ներկայացնէ Ռուսիան Պաքուի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի կլիմայական համաժողովին: Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած էր, որ այդ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Միխայիլ Միշուսթինը:
Պատուիրակութեան կազմը բաղկացած է 47 մարդէ, որոնք պիտի ներկայացնեն տնտեսական զարգացման, կրթութեան, ելեւմուտի, փոխադրամիջոցներու, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները, շարք մը այլ գերատեսչութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: