image

Ռուսաստան` զառիթափի վրայ. Ներսէս Պապայեան

Ռուսաստան` զառիթափի վրայ. Ներսէս Պապայեան

Ընթացիկ տարուան Փետրուար 24-ի ռուսական նախայարձակումը սահմանակից Ուքրանիոյ  վրայ, մէկէ աւելի աղիտալի հետեւանքներ ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան համար:

Առաջին հերթին ռուս բանակին անպարտելի ըլլալու առասպելը ջախջախուեցաւ: Երկրորդ, Ռուսիոյ տնտեսութիւնը որ վերջին տարիներուն սկսած էր համեստ յառաջացում արձանագրել, Արեւմուտքի տնտեսական աքցանին մէջ առնուելով` զառիթափի մատնուեցաւ: Երրորդ. Ռուսիան բոլորովին խզուեցաւ Եւրոպայէն եւ այսօր կղզիացած վիճակ մը կը զգենու: Այս երեւոյթը անհրաժեշտ է ընդգծել, որովհետեւ վերջին տասնամեակին յատկապէս, Փութինի ղեկավարութեան ներքեւ, Ռուսիա-Եւրոպա յարաբերութիւնները սկսած էին սերտանալ` յատկապէս տնտեսական բնագաւառէն ներս:

2000 թուականէն ի վեր, երբ Փութին ձեռք առաւ Քրեմլինի իշխանութիւնը, յաջողապէս չէզոքացնելով բոլոր մրցակիցները, ան կը կառավարէր աշխարհի ամէնէն ընդարձակ երկիրը միահեծան կերպով:

Ուքրանիոյ դէմ շղթայազերծուած նախայարձակումը առաջին օրէն իսկ ժողովրդականութիւն չէր վայելեր: Սակայն ակնյայտ դարձաւ թէ հազարաւոր ռուս զինուորներ կ՛իյնային պատերազմի դաշտին վրայ, խլրտումներ ծնունդ առին ռուս հասարակութեան մօտ: Ժողովուրդին մօտ պատերազմի նկատմամբ ժխտական նախապաշարումները դարձան աւելի շեշտակի. երբ ռուսական բանակը սկսաւ քաշուիլ իր ՙազատագրած՚ շրջաններէն ռուս ժողովուրդին համար անմարսելի էր, յատկապէս երէց սերունդին, ականատես ըլլալ կարգ մը շրջաններու մէջ ռուս բանակին կրած անփառունակ պարտութիւններուն: 

Պատմաբանները երկար պիտի վիճին թէ որքա'ն իրաւացի եւ արդարանալի էր այս նախայարձակումը: Միջազգային հանրային կարծիքին համար, Հիւսիսի արջը այսօր ծանրօրէն վիրաւոր է:

Անվիճելի է այն իրողութիւնը թէ նախագահ Փութին գերագնահատեց իր բանակը եւ թերագնահատեց արեւմուտքի վճռակամութիւնն ու միասնականութիւնը` ձախողեցնելու իր զինուորական այս արկածախնդրութիւնը: 

Կարգ մը ծայրայեղական ազգայնականներ յարատեւօրէն կը ճնշեն Փութինը` աւելի բիրտ քայլեր առնելու: Սակայն ռուսական բանակին զէնքերն ու զինամթերքները անհատնում չեն: Առաւել ըլլալով, Մոսկուան հարկադրուած է այսպէս կոչուած բարեկամ երկիրներէ զինուորական կազմածներ գնել, ինչպէս տրոններ` Իրանէն, արեւմտեան աղբիւրներու համաձայն:

Զինուորական գործողութիւններու ներկայ ընթացքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ռուսական բանակը, իր տրամադրութեան տակ գտնուած բոլոր միջոցներով հանդերձ, լուրջ դժուարութիւն ունի զսպելու ուքրանական ոյժերուն անընդհատ յառաջխաղացքը: Հաւանականութիւնը բարձր է ռուսական բանակին կողմէ առաւել տարածաշրջաններ Ուքրանիոյ զիջիլը:

Մոսկուայի մէջ ազգայնականներ, որոնք կը ջատագովեն ռուսական բանակին ներխուժումը, կը գանգատին թէ այսօր Ռուսիան պատերազմի մէջ է ոչ միայն Ուքրանիոյ` այլ ՆԱԹՕ-ի հետ:

Ռուսական պարտութիւնը պատմական պատուհաս մը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ համար: Արեւմտեան իր լայնածաւալ սահմանին վրայ, ՆԱԹՕ-ի դրօշակը պիտի ծածանի, սպառնալով Ռուսիոյ գոյութեան: Սովետ Միութեան նախկին անդամներէն ոմանք եւ նաեւ հիւսիսային Կովկասի մէջ գտնուող ինքնիշխան հանրապետութիւնները, որոնք մաս կը կազմեն Ռուսիոյ, սկսած են Քրեմլինի հեղինակութիւնը հարցականի տակ առնել:

Թէեւ քաղաքական որեւէ ուժ Ռուսիոյ մէջ չի կրնար նախագահ Փութինին մարտահրաւէր կարդալ, սակայն երբեմնի իր վայելած բարձր ժողովրդականութիւնը գահավէժի մէջ է: Միջին եւ զարգացած դասակարգը իր վրդովումը կ՛արտայայտէ այս անտեղի պատերազմին նկատմամբ: Վկայ վերջին քանի մը շաբաթներուն ռուս նախագահին ռազմակոչը, 300 հազար զինուորականներ հաւաքել, ճակատ ղրկելու համար: Այս կոչին իբրեւ հետեւանք, բազմահազար ռուս երիտասարդներ, որոնք զինուորական ծառայութեան կոչուելու տարիքին մէջ էին, լքեցին իրենց մայր հայրենիքը, խուսափելու համար պատերազմին մասնակցելէ: Անկազմակերպ  այս զինակոչը առկախուեցաւ, երբ հազիւ 200 հազար անձեր արձանագրուեցան: Այժմ արեւմտեան քաղաքական-զինուորական շրջանակներէ ներս, համաձայն լրատու գործակալութիւններու,  կ՛արծարծուի այն հարցը թէ Փութին ընդունելով այն իրողութիւնը թէ իր բանակը անկարող է պարտութեան մատնելու ուքրանական ոյժերը, (որովհետեւ Ուաշինկթընի առաջնորդութեամբ եւ պնդումով, Եւրոպան մասսայական տարողութեամբ գերարդիական զինուորական օժանդակութիւն կը հայթայթէ Քիեւի), ուրեմն պիտի դիմէ` յուսահատ, ոչ դասական զինուորական միջոցի. օգտագործել իր տրամադրութեան տակ գտնուող հիւլէական զէնքը:

Ուաշինկթընն ու ՆԱԹՕ-ն միաբերան յայտարարեցին թէ այն պարագային երբ Ռուսիան նման չարաղէտ քայլի մը դիմէ, իրենք հիւլէական զէնք պիտի չգործածեն Ռուսիոյ դէմ, այլ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող զինուորական բոլոր սարքերով անխնայ պիտի թիրախաւորեն Ռուսիան, ոչ միայն Ռուսիոյ տարածքին վրայ գտնուող զինուորական խարիսխները, այլ նաեւ ուժանիւթերու կեդրոններ եւ փոխադրական միջոցներ: Ի դէմ նման հակադարձութեան մը, Քրեմլինի ղեկավարը ձեռնածա՞լ պիտի նստի:

Ուաշինկթընն ու Մոսկուան, ցուրտ պատերազմի շրջանին ստորագրուած համաձայնութեամբ, իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի հինգ հազար հիւլէական ռումբեր պահեստի մէջ ունենալ անմիջական գործածութեան համար: Երրորդ գիծի վրայ կու գայ Չինաստանը, որուն տրամադրութեան տակ գտնուող հիւլէական ռումբերուն թիւը հազարի շուրջ կը գնահատուի:

Օպամայի նախագահութեան օրերէն ծնունդ առաւ հակա-Փութին եւ հակա-ռուս մոլուցք մը: Ուքրանիոյ չէզոք կառավարութեան տապալումը 2014 թուականին Ուաշինկթընի աչքառու միջամտութեամբ եւ նիւթական առատ օժանդակութեամբ կ՛ըսուի, թէ Ուաշինկթընը աւելի քան 3.5 միլիառ ծախսած է Քիեւի մէջ արեւմտամէտ վարչակարգ մը հաստատելու համար: Մոսկուայի մէջ ահազանգ հնչեց երբ Քիեւի մէջ նորահաստատ իրարայաջորդ վարչակարգեր, բաղձանք յայտնեցին ոչ միայն մաս կազմելու եւրոպամիութեան եւ նաեւ անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին: Դժբախտաբար սակայն, Փութինը անտեսեց արեւմուտքի միակամ կամքը, պահելու Ուքրանիան իր ազդեցութեան գօտիէն ներս, այլ նաեւ անտեղի նախայարձակումով, զօրացուց ՆԱԹՕ-ն, որուն անդամներուն թիւը յարատեւ կ՛աճի:

 

Ներսէս Պապայեան

Նիւ Եորք