image

Ռուսիա պատերազմը պիտի յետաձգէ մինչեւ գարնանամուտ. Սթոլթընպըրկ

Ռուսիա պատերազմը պիտի յետաձգէ մինչեւ գարնանամուտ. Սթոլթընպըրկ

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ յայտարարած է, որ արեւմտեան երկիրները պէտք է շարունակեն Ուքրանիոյ զէնք մատակարարել։ Անոր կարծիքով՝ այժմ, Ուքրանիոյ ռազմական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար նախապայմայններ չկան։ 

Սթոլթընպըրկ  ըսած է, թէ ձմրան՝ հակամարտութիւնը, մեծ հաւանականութեամբ, աւելի հանգիստ փուլ կը տեղափոխուի։ Ան կ՚ակնկալէ, որ Մոսկուան եւ Քիեւը միտին «վերախմբաւորել եւ վերազինել իրենց ուժերը»: 

«Այժմ՝ հակամարտութիւնը դիւանագիտական ճամբով լուծելու համար նախապայմաններ չկան»,- ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը, «Կլոպըլ Պորտրում» միջոցառման ընթացքին:

Ան ըսած է, որ Ռուսիան «պատերազմը խաղաղ աւարտի հասցնելու ցանկութիւն չի ցուցաբերեր» եւ «կը փորձէ սառեցնել» հակամարտութիւնը՝ «գարնան աւելի լայնածաւալ յարձակում սկսելու համար»։ 

«Որքան աւելի փափաքինք հակամարտութեան խաղաղ լուծումի մը հասնիլ, այնքան աւելի հրատապ կը դառնայ Ուքրանիոյ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը»,- ըսած է ան։

Նոյեմբերի աւարտին, Պուխարեսթի մէջ կայացած հանդիպումէն ենք, ՆԱԹՕ-ի երկիրները պայմանաւորուեցան աջակցիլ եւ աւելի սերտօրէն համագործակցիլ Ուքրանիոյ հետ, այնքան ատեն, որքան անհրաժեշտ է