Ռուսաստանի եւ Ուզպեքիստանի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները աֆղանական սահմանին կայացող զօրավարժութիւններու ընթացքին իրականացուցած են պայմանական ահաբեկիչներու կողմէ վերցուած բնակավայրի ազատագրման համատեղ գործողութիւն: Այդ մասին հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոստին:
«Գործնական գործողութիւններու ընթացքին «Թերեզ» զինափորձարանին մէջ յատուկ նշանակութեան ուժերը մշակած են բնակավայրի շրջափակման հարցեր, պայմանական ահաբեկիչներու խումբերու հետապնդում, որոնք դուրս թռած են շրջափակման շրջանէն, անոնց ոչնչացում եւ օդուժի հարուածներու ուղղորդում»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսաստանի եւ Ուզպեքիստանի համատեղ վարժանքները տեղի ունեցած են «Թերեզ» զինափորձարանին մէջ՝ հարեւան Աֆղանիստանի մէջ իրադրութեան ապակայունացման ֆոնին: Անոնց նպատակը հնարաւոր սպառնալիքները դիմագրաւելու վարժուածութիւնն է եւ Կեդրոնասիական տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման ու կայունութեան պահպանման գործնական գործողութիւնները:փ
Վարժանքներուն մասնակցած է ՌԴ-ի եւ Ուզպեքիստանի զինուած ուժերու 1500 զինծառայող: