image

Ռուս գործիչը բուռն կերպով քննադատած է Թուրքիան

Ռուս գործիչը բուռն կերպով քննադատած է Թուրքիան

Ռուսաստանի Դաշնութեան խորհրդարանի վերին պալատի անդամ՝ Ալեքսէյ Փուշքովը քննադատած է Թուրքիոյ կողմէ Պայրաքթար անօդաչուներու վաճառքը Ուքրանիոյ:

Ինչպէս գրած է Սվապատնայա Փրէսսա-ն, ծերակուտականի կարծիքով՝ այս իրավիճակին մէջ հասկանալի է, թէ ինչ նպատակով Քիեւը անօդաչուներ ձեռք կը բերէ եւ ուրու դէմ պիտի կիրառէ զանոնք:

«Թրքական անօդաչուները Ուքրանիոյ վաճառուելէն ետք, ինչպէս նշած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն, անոնք կը դառնան Ուքրանիոյ սեփականութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով Թուրքիոյ նկատմամբ բողոքներ չեն կրնար ըլլալ: Սակայն մինչ զանոնք վաճառելը, անօդաչուները Թուրքիոյ սեփականաութիւնն են»,- գրած է Փուշքովը ընկերային հարթակով:

Ծերակուտականը վստահութիւն յայտնած է, որ Անգարան որոշում կը կայացնէ, թէ որու վաճառէ տուեալ զէնքը: Բացի այդ, Փուշքովը ընդգծած է, որ Անգարան պարզ կը հասկնայ, թէ՝ ինչու համար Քիեւը կը գնէ ԱԹՍ-ները:  

«Իրավիճակի բացարձակ պարզութիւնը, որ ակնյայտ է նաեւ Անգարայի համար, չի կրնար անոնց կիրառման հետեւանքներուն համար պատասխանատուութեան բաժին չդնել Թուրքոյ վրայ»,- մեկնաբանած է Փուշքովը:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Ուքրանիան եւ Թուրքիան մէկ պայմանագիր եւս կնքած են «Պայրաքթար» անօդաչուներու նոր խմբաքանակի մատակարարման վերաբերեալ: