image

Ռազմավարական գործընկերութիւն՝ Ատրպէյճանի, Ղազախստանի եւ Ուզպեքստանի միջեւ

Ռազմավարական գործընկերութիւն՝ Ատրպէյճանի, Ղազախստանի եւ Ուզպեքստանի միջեւ

Պաքուի մէջ կայացած է Ատրպէյճանի, Ղազախստանի եւ Ուզպեքստանի ղեկավարներու հանդիպումը, որու ընթացքին նախագահները համաձայնագիր ստորագրած են երեք երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ՝ Կասպից ծովի երկայնքով կանաչ ուժանիւթի զարգացման եւ փոխանցման գործին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին։

«Նախագիծը նաեւ պիտի կապուի Սեւ ծովու յատակի երկայնքով ուժանիւթի հաղորդալարին», -ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։

Պետութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է նաեւ «Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ուզպեքստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարարութիւններու միջեւ կանաչ ուժանիւթի զարգացման եւ փոխանցման ոլորտին մէջ համագործակցութեան գործադիր ծրագիր»ի ստորագրման արարողութիւնը։