Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարները նամակ յղած են իրենց ամերիկացի գործընկեր Մարքօ Ռուպիոյին՝ քննադատելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Կազայի հատուածէն պաղեստինցիները վերաբնակեցնելու ծրագիրները։
Անցեալ շաբթուան ընթացքին Թրամփ երեք անգամ հրապարակայնօրէն խօսած է Կազայէն պաղեստինցիները Եգիպտոս եւ Յորդանան տեղափոխելու անհրաժեշտութեան մասին։
Նամակին մէջ ըսուած է, որ պաղեստինցիները «չեն ուզեր լքել իրենց հողը», եւ անոնց վերաբնակեցումը «հակամարտութեան վտանգաւոր նոր հարթութիւն կը հաղորդէ»:
Տարածաշրջանին մէջ տեղահանուածներու աճող թիւը, նշած են նամակի հեղինակները, «պիտի մեծցնէ արմատականացման եւ անկարգութիւններու վտանգը»։
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս ըսուած է նամակին մէջ, Մերձաւոր Արեւելքն արդէն «ծանրաբեռնուած է մեծ թիւով տեղահանուածներով»։
Ըստ Axios-ի՝ նամակը Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցած է արաբական հինգ երկրներու դեսպանները։ Այս պետութիւններու նախարարներէն բացի փաստաթուղթը ստորագրած է Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հուսէյն Ալ Շէյխը։
Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով Սպիտակ տան յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆը, պարզաբանելով Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութիւնը, ըսած է, որ Կազայի հատուածն այժմ «պիտանի չէ բնակելու համար», եւ մարտերու հետեւանքով առաջացած աւերածութիւններու պատճառով անհրաժեշտ է իրականացնել լայնածաւալ վերականգնման աշխատանքներ։ Այդ, ըստ Ուիթքոֆի, կրնայ տեւել 10-15 տարի։
Շաբաթ օր՝ փետրուար 1-ին, Թրամփ Ապտել Ֆաթահ Սիսիի հետ քննարկած է Կազայի վերաբնակեցման գաղափարը։
Նախօրէին Իրանը դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Կազայի հատուածէն պաղեստինցիները հարեւան երկիրներ տեղափոխելու վերաբերեալ առաջարկը՝ նախազգուշացնելով, որ այդ պիտի ըլլայ «էթնիք զտում»: