Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան մարտ 1-ին սկսող իսլամներու համար սրբազան Ռամատան ամսուն ընդառաջ կը ծրագրէ այց կատարել Սուրիա։ Այս մասին յայտնած է թրքական Turkiye թերթը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարրան երեքշաբթի՝ փետրուար 4-ին, պիտի այցելէ Թուրքիա։ Շարրան, ըստ թերթի, պիտի հրաւիրէ Էրտողանը այցելելու Դամասկոս, իսկ Թուրքիոյ նախագահը մտադիր է ընդունիլ այս առաջարկը եւ այցը կատարել մինչեւ Ռամատանի սկիզբը։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան ղեկավար Իպրահիմ Քալընը եւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը արդէն այցելած էին Դամասկոս։