image

Ղազախստանի վերեւ ատրպէյճանական օդանաւ մը կործանեցաւ. Կան տասնեակ զոհեր

Ղազախստանի վերեւ ատրպէյճանական օդանաւ մը կործանեցաւ. Կան տասնեակ զոհեր

Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վթարէն ետք 28 մարդ տեղափոխուած է հիւանդանոց։ Այս մասին յայտնած է Ղազախստանի ԱԻՆ շտաբէն։ 

Հիւանդանոց տեղափոխուածներէն 9-ը ծանր վիճակի մէջ է:

Azerbaijan Airlines ընկերութեան՝ Պաքուէն Կրոզնի թռող օդանաւը կործանուած է Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մէջ: 

Նախնական տեղեկութիւններով՝ օդանաւին մէջ եղած է 67 ուղեւոր եւ անձնակազմի 5 անդամ։ Պաքու-Կրոզնի չուերթն իրականացնող օդանաւը բախած է թռչուններու երամին, ինչի հետեւանքով խախտուած է ղեկի կառավարումը: Անձնակազմը վթարային իրավիճակ յայտարարած է՝ ստիպուած ըլլալով վայրէջք կատարել Աքթաուի մէջ։ Վայրէջքի պահուն այն կործանած է: Օդանաւին մէջ եղած է Ատրպէյճանի 37, Ղազախստանի 6, Ղրղզստանի 3 եւ Ռուսիոյ 16 քաղաքացի:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ռուսիայէն Պաքու վերադարձած է՝ կապուած AZAL օդանաւի կործանման հետ: Ան  այսօր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ պէտք է մասնակցէր ԱՊՀ ղեկավարներու ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին:

Ատրպէյճանի պետական ​​պատուիրակութիւնն ուղարկուած է Ղազախստան՝ պարզելու Azerbaijan Airlines-ի օդանաւի կործանման պատճառները։ Ղազախստանի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ օդանաւի կործանման պատճառները հետաքննելու համար կառավարական յանձնաժողով ստեղծուած է։