image
Հրատապ լուրեր:

Ղազախստանին առաջարկած են դառնալ «Պրիքս»-ի գործընկեր

Ղազախստանին առաջարկած են դառնալ «Պրիքս»-ի գործընկեր

Ղազախստանին առաջարկած են դառնալ «Պրիքս» կազմակերպութեան գործընկեր։

Այս մասին յայտնած է Ղազախստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Պորոտավքինը, հաղորդած է «Ռիա Նովոստի»ն:

«Վերջերս Քազանի մէջ կայացած «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովին ստեղծուեցաւ գործընկեր պետութիւններու նոր կարգ, 13 պետութիւն հրաւիրուեցաւ միանալու կառոյցին, այդ շարքին՝ Ղազախստանը: Վստահ եմ, որ այդ որոշման նշանակութիւնը միայն պիտի բարձրանայ դէպի աւելի արդար, բազմաբեւեռ աշխարհակարգ անցնելու ժամանակ»,-ըսած է Ալեքսէյ Պորոտավքինը։

Ռուս դիւանագէտը յոյս յայտնած է, որ Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ փորձագէտներու հանդիպումը կը շարունակէ քննարկումը ոչ միայն «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովի, այլեւ հոկտեմբեր 31-էն նոյեմբեր 1-ը Մինսքի մէջ կայացած Եւրասիական անվտանգութեան միջազգային համաժողովի արդիւնքներու շուրջ։

Դեսպանը նշած է Ղազախստանի հաւասարակշռուած եւ կառուցողական արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Աստանայի աշխուժ դերը Կեդրոնական Եւրասիոյ մէջ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման գործին։