Միացեալ Նահանգներու առաջ քաշած «Նախեւառաջ Ամերիկան» հայեցակարգը համահունչ է հիթլէրեան ժամանակաշրջանի «Գերմանիան ամէն ինչէ վեր է» կարգախօսին։ Այս յայտարարութիւնն ըրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը «Ռուսիան համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ» ամսագրի համար գրած իր յօդուածին մէջ։
«Իսկ «ուժի միջոցով խաղաղութիւն հաստատելու» վրայ խաղադրոյք ընելը կրնայ վերջնականապէս թաղել դիւանագիտութիւնը»,- աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Լաւրովն ընդգծած է, որ նման արտայայտութիւններու եւ գաղափարական կառոյցներու մէջ նոյնիսկ յարգանքի ստուեր չի նշմարուիր ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ Ուաշինկթընի ստանձնած միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններու նկատմամբ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը համաձայն է այն փորձագէտներու հետ, որոնք կը կարծեն, որ վերադարձ պիտի չըլլայ նախկին իրադրութեան, որ մինչեւ հիմա կը պաշտպանէին Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները, քանի որ ժողովրդագրական, տնտեսական, ընկերային եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններն անդառնալիօրէն փոխուած են:
Սերկէյ Լաւրովը ճիշդ կը համարէ այն կանխատեսումը, ըստ որու`Միացեալ Նահանգները օր մը պիտի հասկնայ, որ պէտք չէ չափազանցնել միջազգային գործերու համար պատասխանատւութեան գօտին, եւ միանգամայն ներդաշնակ պիտի զգայ իրեն որպէս առաջատար պետութիւններէն մէկը, բայց արդէն ոչ՝ գերիշխող: