Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու սպառնացող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը գործեն Արեւմուտքի աջակցութեամբ։
Այս մասին Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է Անգարայի մէջ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ։
Ան նշած է, որ Իրանը տարածաշրջանի երկիրներու անվտանգութիւնը կը դիտարկէ որպէս իր սեփականը:
Իրանի նախագահն անդրադարձած է նաեւ պաղեստինեան հարցին՝ նշելով, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է ճնշում գործադրէ Իսրայէլի վրայ: