image

Ռայիսի. Շրջանի երկիրներու անվտանգութիւնը համազօր է մեր սեփական անվտանգութեան

Ռայիսի. Շրջանի երկիրներու անվտանգութիւնը համազօր է մեր սեփական անվտանգութեան

Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու սպառնացող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը գործեն Արեւմուտքի աջակցութեամբ։

Այս մասին Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է Անգարայի մէջ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ։

Ան նշած է, որ Իրանը տարածաշրջանի երկիրներու անվտանգութիւնը կը դիտարկէ որպէս իր սեփականը:

Իրանի նախագահն անդրադարձած է նաեւ պաղեստինեան հարցին՝ նշելով, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է ճնշում գործադրէ Իսրայէլի վրայ: