Օրերս Թուրքիոյ շարժապատկերի աշխարհը կորսնցուց տարբեր դերերու ճամբով բաւականին լայն հռչակ վաստակած Ռանա Ճապպարը։ Ուշագրաւն այն էր, որ Ճապպար մինչեւ իր մահը հեռաւորութիւն պահած է հայկական շրջանակներէն ու միայն մահուընէ ետք լայն հասարակութիւնը իմացած է, որ նոյն Ճապպար հայազգի է Սոլաքեան ազգանունով։
Ստորեւ Ճապպարի մասին ներկայացուած լրատւութիւնը «Ակօս»էն (թարգմանելով՝ թրքերէնէ)քաղելով կը ներկայացնենք ստորեւ՝
20 ապրիլին, իր աչքը յաւերժին փակած է Թուրքիոյ թատրոնի եւ շարժանկարի հայազգի դերասան՝ Ռանա Ճապպար (Սոլաքեան):
78 տարեկանին մահացած Ռանա Ճապպարի (Սոլաքեան) հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միաբան հայրերէն՝ Արժ. Տ Աբրահամ քհնյ.Ֆըրաթ: Հոգեհանգստեան ներկայ եղած են բացի Սոլաքեաններու ընտանիքէն, արուեստի աշխարհի ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Հալիլ Էրկուն, Ալթան Էրքեքլի եւ Ճեզմի Պասքին:
Ռանա Ճապպար ծնած է Պոլիս 1945-ին։ Ան որոշ շրջան մը պասքէթպոլ խաղցած է «Ֆանարպաչէ» մարզական ակումբի աստղերու եւ երիտասարդներու խումբին մէջ: Պոլսոյ մէջ իր ուսումը աւարտելէն ետք փոխադրուած է Անգարա եւ մեծ ներդրում ունեցած Անգարայի գեղարուեստական թատրոնի ստեղծման գործին մէջ։
Ռանա Ճապպար արուեստի իր առաջին քայլը առած է 1964-ին, մասնակցելով բեմադրիչ՝ Կիւնէր Սիւմէրի «Ayak Bacak Fabrikası» (Ոտքերու գործարան) թատրոնին։ Ան երկար տարիներ աշխատած է Անգարայի գեղարուեստական թատրոնին մէջ ինչպէս նաեւ տարբեր թատրոններու հետ։
Ճապպար առաջին դերասանն էր, որ «առարկայական» դեր խաղացած է Ուղուր Մումճուի «Sakıncalı Piyade» («Առարկելի հետեւակ») թատրոնին մէջ։ Ան նաեւ դերեր խաղացած է նաեւ շարժապատկերներու, թատրոնի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հեռատեսիլի տեսաշարերու մէջ։
Հանգուցեալը ապրած է Անգարա մինչեւ 1982, ապա փոխադրուած է Պոլիս: Անոր առաջին գեղարուեստական շարժանկարը «Hakkari’de Bir Mevsim» («Սեզոն Հաքքարիի մէջ»)ն էր, ուր խաղացած է կարեւոր դերասաններու կողքին, ինչպէս՝ Կենքօ Էրքալ, Շերիֆ Սեզեր եւ Մաքիթ Քոփեր: Այս շարժանկարը արժանացած է մրցանակներու Պերլինի 33-րդ շարժանկարի փառատօնին եւ 1984 թուականին Միջերկրական մշակոյթներու 2-րդ շարժանկարի փառատօնին։
1989-ին, ան խաղացած է Մեհմէտ աղային դերը «Can Şenliği» («Կեանքի Փառատօն») տեսաշարին մէջ: Աւելի ուշ արժանացած է հանդիսատեսի հիացմունքին «Beyaz Gelincik, Kara Duvak, Aşk-ı Memnu, Benim İçin Üzülme» («Սպիտակ կակաչ, սեւ շղարշ, ուրախ սէր, մի մտահոգուիր ինծի համար») տեսաշարով:
2016-ին, յայտնի անուններու հետ մասնակցած է «Vezir Parmağı» («Նախարարին մատը») շաժապատկերին, բեմադրուած եւ գրուած Մահսուն Քըրմըզըկիւլի կողմէ։ Այս շարժապատկերով ան արժանացած է «լաւագոյն աջակից դեր» մրցանակին 2017-ի Սատրի Ալըշըք 22-րդ մրցանակաբաշխութեան։
Ռանա Ճապպար դարձած է հանրաճանաչ «Սուլէյման էֆենտի» կերպարով, «Aşk-ı Memnu» («Արգիլուած Սէր») տեսաշարի երկրորդ շրջանին։