image

ՌԱԿ Նուիրեալներէն՝ Մարտիկ Օտապաշեանի մահը՝ Երուսաղէմի մէջ

  ՌԱԿ Նուիրեալներէն՝ Մարտիկ Օտապաշեանի մահը՝ Երուսաղէմի մէջ

Օրերս Երուսաղէմի հայկական համայնքը կորսնցուցած է իր  նուիրեալ զաւակներէն, ՌԱԿ-ի նուիրեալ անդամ՝ Մարտիկ Օտապաշեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  Երուսաղէմի ՌԱԿ-եան երիտասարդական միաւորի՝ ՀԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն, որ այս առթիւ կը գրէ՝ 

ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները կը գուժեն մահը Միութեանս նախկին ատենապետ ընկեր Մարտիկ Օտապաշեանի որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան։ 

Ընկեր Մարտիկ Օտապաշեանը եղած է նուիրեալ ու գործօն անդամ Միութեանս, եղած է ատենապետ, Վարչական անդամ եւ զանազան յանձնախումբներու անդամ ինչպէս նաեւ 2019-ին արժանացած է ՀԵՄ-ի նուիրեալ ատենապետի շքանշանը, Միութեանս 82-րդ ամեակի առթիւ։ 

Ընկեր Մարտիկը Հայրն է եւ մեծ Հայր նուիրեալ եւ գործօն անդամներու որոնք կը ծառայեն ՀԵՄը մեծ նուիրուածութեամբ։ Ներկայիս միութեանս փոխ-ատենապետն է ընկերուհի Վիքի Օտապաշեանը ընկեր Մարտիկի աղջիկը։ 

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ընկեր Մարտիկ Օտապաշեանի այրի տիկնոջ Տիկին Լուսին Օտապաշեան, զաւակներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ 

Թաղման արարողութեան մանրամասնութիւնները շուտով կը տեղեկացնենք։ 

Աստուած Հոգիդ Լուսաւորէ սիրելի ընկեր Մարտիկ