Լիբանան- Մարոնիներու Պատրիարքը այսօր Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն նուիրուած միջազգցային համաժողովի մը ընթացքին խօսք առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յղում ըրաւ: Րահի Կարտինալ, որ ելոյթ ունեցաւ «Լուէյզի» համալսարանին մէջ տեղի ունեցող եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն նուիրուած գիտաժողովին բացման գլխաւոր բանախօսն էր, իր խօսքին ընթացքին ըսաւ` «Քրիստոնեաները արեւելքի մէջ արմատացած են հակառակ իրենց կրած բազմապիսի տառապանքներուն: Այս առումով բոլորս լաւ կը յիշենք Հայ Ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին»: Րահի Պատրիարք առաջին անգամը չէ, որ նման արի կեցուածքներով հանդէս կուգայ, ան նոյն տիպի յայտարարութիւններ կատարած էր անցնող Ապրիլին՝ Երեւանի մէջ: Նշենք, որ սոյն համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ Վատիկանի բարձրաստիճան կրօնական պատասխանատուներ: