«Քաղաքական երեւոյթները Վատիկանի վրայ ազդեցութիւն չեն կրնար գործել»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Հայաստանի եւ արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տ. Ռաֆայէլ Եպս. Մինասեան: Սրբազան հայրը, պատասխանելով մեր հարցումին, որ արդեօ՞ք Վատիկանի կողմէ վերջերս երանութեան կոչում ստացած Մէլքին սրբազանի պարագան կրնայ Վատիկան- Անգարա արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները աւելիով սրել ըսաւ ՝ «Մի մոռնաք, որ սուրբ աթոռը քաղաքական հաշիւներէ վեր է եւ արդարութեան ու հոգեւոր կեանքին մէջ եկեղեցին ոչ մէկ կաշկանդում ունի»: Տ. Ռաֆայէլ Սրբազան նաեւ ըսաւ, որ անցնող Ապրիլին Վատիկանի մէջ Սրբազան քահանայապետին կատարած յայտարութիւնը կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան անկիւնադարձային էր եւ այդ յայտարարութեան արձագանքները կը շարունակուին ամէնուրէք: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ յատկապէս Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած բռնադատութիւնները եւ աշխարհով մէկ կատարուած ցեղասպանութիւնները դատապարտելի են ու Վատիկան այդ բոլոր ժողվուրդներուն դատը կը պաշտպանէ: Ան յատկապէս յիշատակեց Ֆրանչիսկոս Պապին ճիգերը, որոնց շնորհիւ բոլոր վիրաւոր ժողովուրդներուն դատը դարձեալ լուսարձակի տակ առնուեցաւ: Մեր հարցումին, թէ ինչ տպաւորութիւններով կը վերադառնայ Պէյրութէն, ուր տեղի ունեցած էր հայ կաթողիկէ պատրիրաքի ընտրութիւն սրբազան հայրը ըսաւ, որ «տեղի ունեցածը շատ բնականոն երեւոյթ է եկեղեցւոյ կեանքին մէջ շատ բնական ընթացք մը երջանկայիշատակ Տ. Ներսէս- Պետրոս –ԺԹ- Թարմունի Պատրիարքի վախճանումէն ետք»: Ան նաեւ յայտնեց, որ տեղի ունեցած ընտրութիւնը կայացաւ համամիութենական մթնոլորտի մը մէջ եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչին ու Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութեամբ»: Սրբազան հայրը նաեւ ըսաւ, որ Հայ Կաթողիկէ Տ. Գրիգոր- Պետրոս Ի. Պատրիարքը յառաջիկայ Սեպտեմբերին Հայաստան պիտի ժամանէ մասնակցութիւն բերելու Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան: