Եւրոպական Միութեան խորհուրդը որոշած է նուազեցնել համաճարակաբանական տեսանկիւնէ ապահով երկիրներու ցանկը՝ 6 երկիր բացառելով: Այս մասին գրած է Schengenvisainfo կայքը՝ նշելով, որ այդ երկիրներն են Ալպանիան, Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Պրունէյը, Ճափոնը եւ Սերպիան:
Տուեալ որոշումը քննարկուած է ԵՄ խորհուրդի նիստին, սակայն պաշտօնական յայտարարութիւն դեռ չէ եղած: Որոշումը աւարտուն տեսքով պիտի հրապարակուի շաբթուայ վերջը:
Ապահով երկիրներու ցանկէն բացառումը կը նշանակէ, որ ԵՄ անդամ երկիրներուն խորհուրդ կը տրուի վերականգնել մուտքի սահմանափակումները տուեալ երկիրներէն ժամանող ճանապարհորդներու համար, որոնց աւելի վաղ թոյլատրուած էր առանց սահմանափակումներու այցելել ԵՄ եւ Շենկէն գօտիի երկիրներ:
Սահմանափակումները կրնան ներառել քննութիւն, կրկնակի քննութիւն, քարանթին կամ ընդհանրապէս մուտքի արգելք չպատուաստուած անձանց համար: