image

Քույէթի մէջ հայ ընտանիք մը կազմուեցաւ.Սեւակ եւ Մարիա ամուսնացեալք

 Քույէթի մէջ  հայ  ընտանիք մը կազմուեցաւ.Սեւակ եւ Մարիա ամուսնացեալք

Քուէյթի մէջ, հայկական նոր ընտանիք մը կազուած է: 

Սեւակ Ճինէճեան եւ Մարիա Մարտիրոսեան կանգած են Սուրբ Խորանին առաջ եւ ուխտած միասին շարունակել իրենց կեանքը: Ս. Պսակի Խորհուրդը տեղի ունեցած է ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021-ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հարազատներու ազգականներու եւ ընկերներու: 

Հալէպահայ Սեւակ յաճախած է Հալէպի Քարէն Ե. Ազգ. Ճեմարան, սակայն հօր վաղաժամ մահուան պատճառաւ ուսումը ձգած ու նետուած է կեանքի ասպարէզ: Սուրիոյ պատերազմի պատճառով լքած է ծննդավայրը ու որոշ ժամանակ Հայաստան ու Լիբանան մնալէ ետք, 2015-ին հաստատուած է Քուէյթ: 

Մարիա Մարտիրոսեան  ծնած է Քուէյթ։ Ան  արդէն  բաւական ժամանակէ ի վեր կը գործէ  Քուէյթի առողջապահութեան նախարարութեան  մէջ իբրեւ քարտուղար, ապա հեռավար կարգով աւարտած է Քուէյթի համալսարանի անգլերէնի գիտութեան ճիւղը, եւ այժմ կը պաշտօնաւորէ իբրեւ օժանդակ ուսուցչուհի անգլիական դպրոցի մանկապարտէզի բաժնին մէջ:

Սեւակն ու Մարիան մէկ տարի սիրոյ պատմութիւն մը ունենալէ ետք, իրենց կեանքերը կապած են իրարու Ս. Պսակով։

«Ձեզի ի սրտէ յարատեւ երջանկութիւն եւ համերաշխութիւն կը մաղթենք, որպէսզի օրինակելի ընտանիք մը կազմելով պատիւ բերէք նախ դուք ձեզի, մեզի՝ ծնողներուն եւ հայ ազգին»,- մաղթած է հարսին հայրը՝ Վահան Մարտիրոսեան: 

 

 Այս առթիւ մեր խնդակցութիւնները կը միացնեն նորապսակ զոյգին, եւ մասնաւորապէս մեր թերթի  բարեկամներէն, ազգանուէր հայորդի ՝ Վահան Մարտիրոսեանին։