Քուէյթի մէջ, հայկական նոր ընտանիք մը կազուած է:
Սեւակ Ճինէճեան եւ Մարիա Մարտիրոսեան կանգած են Սուրբ Խորանին առաջ եւ ուխտած միասին շարունակել իրենց կեանքը: Ս. Պսակի Խորհուրդը տեղի ունեցած է ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021-ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հարազատներու ազգականներու եւ ընկերներու:
Հալէպահայ Սեւակ յաճախած է Հալէպի Քարէն Ե. Ազգ. Ճեմարան, սակայն հօր վաղաժամ մահուան պատճառաւ ուսումը ձգած ու նետուած է կեանքի ասպարէզ: Սուրիոյ պատերազմի պատճառով լքած է ծննդավայրը ու որոշ ժամանակ Հայաստան ու Լիբանան մնալէ ետք, 2015-ին հաստատուած է Քուէյթ:
Մարիա Մարտիրոսեան ծնած է Քուէյթ։ Ան արդէն բաւական ժամանակէ ի վեր կը գործէ Քուէյթի առողջապահութեան նախարարութեան մէջ իբրեւ քարտուղար, ապա հեռավար կարգով աւարտած է Քուէյթի համալսարանի անգլերէնի գիտութեան ճիւղը, եւ այժմ կը պաշտօնաւորէ իբրեւ օժանդակ ուսուցչուհի անգլիական դպրոցի մանկապարտէզի բաժնին մէջ:
Սեւակն ու Մարիան մէկ տարի սիրոյ պատմութիւն մը ունենալէ ետք, իրենց կեանքերը կապած են իրարու Ս. Պսակով։
«Ձեզի ի սրտէ յարատեւ երջանկութիւն եւ համերաշխութիւն կը մաղթենք, որպէսզի օրինակելի ընտանիք մը կազմելով պատիւ բերէք նախ դուք ձեզի, մեզի՝ ծնողներուն եւ հայ ազգին»,- մաղթած է հարսին հայրը՝ Վահան Մարտիրոսեան:
Այս առթիւ մեր խնդակցութիւնները կը միացնեն նորապսակ զոյգին, եւ մասնաւորապէս մեր թերթի բարեկամներէն, ազգանուէր հայորդի ՝ Վահան Մարտիրոսեանին։