image

«Քուէարկում ենք յանուն համերաշխութեան». Էտմոն Մարուքեանը քուէարկեց

«Քուէարկում ենք յանուն համերաշխութեան». Էտմոն Մարուքեանը քուէարկեց

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Էտմոն Մարուքեանը քիչ առաջ քուէարկեց Երեւանի, Ծարաւ Աղբիւր 55 Ա հասցէին վրայ գտնուող թիւ 1/20 ընտրատեղամասին մէջ:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ան ըսած է, որ իրենք կը քուէարկեն յանուն համերաշխութեան, վաղը երկրին մէջ հաշտութիւնը վերականգնելու համար. «Մենք ասել ենք, որ  վաղուանից երկրում ներքաղաքական հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը վերականգնելու ժամանակն է, բնականաբար աւելի վաղ կարելի էր անել, բայց ընտրութիւնները մեզ համար առիթ են այս իրավիճակում այդ քայլը կատարել: Ես մեծ յոյս ունեմ, որ համերաշխութիւնը, հաշտութեան վերականգնումը այլընտրանք չի ունենայ մեզ համար, որովհետեւ մեր մարտահրաւէրները շատ աւելի մեծ են, քան մենք ենք պատկերացնում: Այս իմաստով է, որ մենք ուղղակի այլընտրանք չունենք, մենք պէտք է մեր փոքրիկ ճշմարտութիւնները մի կողմ դնենք յանուն աւելի մեծ ճշմարտութեան, յանուն աւելի մեծ արժէքի, որ մենք պետութիւն, պետականութիւն ունենանք: Ահա, թէ ինչի համար եմ ես քուէարկել»:
Խօսելով քարոզարշաւի մասին Մարուքեանն ըսած է, որ այս քարոզարշաւի բառամթերքը շատ վատ էր եւ այդ իմաստով բաւականին բարձր էր, թէ՛ ատելութեան, թէ՛ բռնութեան քարոզչութիւնը: