«Քորոնա»ի տագնապէն ետք. Քուէյթ դէպի բնականոն հուն

«Քորոնա»ի  տագնապէն  ետք. Քուէյթ  դէպի բնականոն  հուն

Քուէյթի մէջ  յառաջիկայ Կիրակի, 24 հոկտեմբերէն սկսեալ, «Քորոնա» ժահրի կապակցութեամբ սահմանափակումները կը վերացուին պատուաստ ստացողներուն համար:

Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Քուէյթի Կառավարութիւնը:   

Քուէյթի վարչապետ՝ Սապահ Խալէտ Ալ Համատ Ալ Սուպահ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած  է. «Կը յայտարարենք բնականոն եւ զգոյշ կեանքի վերադարձը, եւ կիրառումը հինգերորդ եւ վերջին փուլի ու վերացումը նախազգուշական որոշումներուն»:

Իր հերթին, կառավարութեան խօսնակ Թարէք  Ալ Մարզամ պարզաբանած է,  որ կառավարութիւնը կայացուցած է կարգ մը որոշումներ, որոնց մէջ յատկապէս նշուած է, թէ Իսլամական հարցերու նախարարութիւնը թոյլ տայ  աղօթողներու մօտեցումը, անշուշտ նկատի առնելով, որ պէտք է պատուաստուած ըլլան եւ եւ ըլլան  դիմակներով:

Վարչապետը նշած է նաեւ, թէ պիտի արտօնուին համագումարներն ու ընկերային առիթները, սակայն միայն պատուաստ ստացողներուն համար: 

 Քուէյթի կառավարութիւնը յանձնարարած է Ներքին գործոց նախարարութեան սկսիլ մուտքի անցագիրներ տալ պատուաստ ստացողներուն, ինչպէս նաեւ յանձնարարած է Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէին անցնիլ երրորդ փուլին եւ գործի դնել Քուէյթի Միջազգային օդակայանը իր ամբողջ կատարողականութեամբ:

Իր հերթին երկրի  առողջապահութեան նախարար՝ Պասէլ Ալ Սապահ յայտարարած է, թէ անոնց համար, որոնք կ'ուզեն Քուէյթ մուտք  գործել,  կը շարունակուի նախկին կարգը «Քորոնա» ժահրի հետազօտութեան ու մեկուսացումներու վերաբերեալ: 

Յիշեցնենք, որ Քուէյթ  Սէուտական Արաբիայէն եւ Էմիրութիւններէն ետք Ծոցի 3-րդ երկիրն է որ կը վերացնէ համաճարակի սահմանափակումները: