Աննա Դանիբեկեանը որոշումը պիտի հրապարակէ 6 ապրիլին ժամը 17:45-ին:
Յիշեցնենք, որ միջնորդութիւններ ներկայացուած են ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ նախկին փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանի՝ ՔՕ 300.1-րդ յօդուածով քրէական հետապնդումը դադրեցնելու մասին:
25 Մարտին ՍԴ-ն հրապարակած էր որոշման եզրափակիչ մասը, իսկ 29 մարտի երեկոյեան՝ 42-էջանոց ամբողջական գրութիւնը: ՍԴ որոշումը վերջնական է եւ ենթակայ չէ բողոքարկման: ՍԴ-ն 300.1 յօդուածը համարած էր անորոշ իրաւունքի եւ մեղսագրուող արարքի տեսակէտէն, պարզ չէ, թէ ինչ կարգի տապալման մասին է խօսքը՝ հաշուի առնելով, որ յօդուածն ընդունուած է մէկ Սահմանադրութեամբ, եւ փորձած են կիրառել մէկ այլ Սահմանադրութեամբ:
ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը եւ նախկին փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանը կը մեղադրուին այդ յօդուածով՝ սահմանադրական կարգի տապալում: