Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ Սեյէտ Մոժթապա Խամենէիին եւ նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանին՝ Նովրուզի առիթով:
Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդին ուղղուած ուղերձին մէջ նշուած է.
«Նոր կեանք եւ զարթօնք խորհրդանշող այս տօնը թող բարօրութիւն բերի Իրանի բարեկամ ժողովրդին: Վստահ եմ, որ գալիք տարում կը շարունակեն զարգանալ երկու բարեկամ երկրների յարաբերութիւնները՝ խարսխուած անկեղծութեան, վստահութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ»։
Իրանի նախագահին ուղղուած ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Գարնան սկիզբն աւետող այս տօնը թող յարատեւ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն բերի բարեկամ Իրանին: Օգտուելով առիթից՝ մաղթում եմ Ձեզ առողջութիւն, իսկ մեր հարեւան Իրանի ժողովրդին՝ արեւշատութիւն»։