Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Իրանի առաջնորդները Նովրուզի կապակցութեամբ եւ նշած, որ Մոսկուան կը մնայ Թեհրանի հաւատարիմ ընկերն ու յուսալի գործընկերը, յայտնած է Քրեմլը:
«Վլատիմիր Փութինը Իրանի ժողովուրդին մաղթած է արժանապատուօրէն յաղթահարել ծանր փորձութիւնները եւ ընդգծած, որ այս դժուարին ժամանակահատուածին Մոսկուան կը մնայ Թեհրանի հաւատարիմ ընկերը եւ յուսալի գործընկերը»,-ըսուած է Քրեմլի հաղորդագրութեան մէջ: