Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը յայտնած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը յարձակում գործած են Նաթանզի մէջ գտնուող ուրանի հարստացման համալիրի վրայ։ Այս մասին յայտնած է Իրանի աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութիւնը։
Կազմակերպութիւնը նշած է, որ մարտ 21-ին տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով համալիրէն արտահոսք չէ եղած։