Դժբախտութիւնը հոն է, որ իշխանաւորներ եւ ծիրանաւորներ իրենց ընթացքով հասարակ մարդոց վարձատրութիւնը չափեցին իրենց արշինով, զայն մատուցելով յանուն Քրիստոսի, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունէր աստուածորդուն հետ։
Յարութեան խորհուրդը՝ գաղափարը պսակումն է Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան։
Մահուամբ մահը յաղթահարելու եւ աստուածացումով, անմահութեամբ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԿԵՐՈՎ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԱՐԱՐԱԾԻՆ ԻՐ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ, ՎԱԽԵՐԷՆ ՁԵՐԲԱԶԱՏԵԼՈՒ ՈՒՂԻՆ Է ՔՐԻՍՏՈՍ, ՈՐՈՒՆ ՁԳՏՈՒՄԸ ԱՒԱՆԴԵՑ ԱՆ։
Քրիստոսի ուղին՝ եթէ առասպելականութենէն ու ծիսականութենէն դուրս դիտենք, ԿԵԱՆՔԸ ՎԵՐԱՓՈԽԵԼՈՒ ուղին է, զոր այդպէս ալ մարդկութիւնը՝ իր ամբողջութեան մէջ թէ մասնակիօրէն, գործնապէս չորդեգրեց, մերժեց եւ մնաց հոն՝ ո՛ւր որ էր։
Քրիստոսի առաքելութիւնը չէ որ պարտուած է երէկ ու այսօր՝ այլ ինքը՝ մարդը, որ անձնատուր եղաւ աստածատուր շնորհներուն մասնատման, հեշտի ընտ-րութեամբ ինքնիրեն սահմանափակեց եւ գերին մնաց իր տկարութիւններուն։
Այսպէս ըմբռնելով քրիստոնէութիւնը, նորովի իմաստաւորած կ’ըլլանք զայն եւ աւելի հասկնալի կը դարձնենք՝ քան անապատական ժուժկալութենէն մինչեւ քաղքենի զեխութիւն ձգուող ծայրայեղութիւնները։
Քրիստոս ոսկէ միջինի քարոզիչն է, այդպէս ալ կը մնայ. ՄԱՐԴԸ, իր անձկու թիւններով ու տառապանքներով, ուրախութիւններով եւ տրտմութիւններով։
Ինք սիրոյ մասին քարոզեց, խաղաղութեան, այլասիրութեան, բաժնեկցութեան, ողորմածութեան, անանձնական սիրոյ։
Բաներ, որոնք կեանքի որակը փոխելու յատկութիւն ունին։
Անոր հանդուրժողականութիւնը անսահման չէր, սուտին, կեղծաւորութեան եւ վաշխառուութեան դէմ ինք խօսքով թէ մտրակով պայքարեցաւ, զանոնք նկատելով հանրային կեանքը այլասերող եւ դժուարացնող արատներ։
Ինք ձգտեցաւ բարեփոխել հասարակութեան կեանքը եւ ի գործ դրաւ իր կամքի եւ հոգիի ուժը, խօսքի իր աստուածատուր կարողութիւնը ծառայեցուց նոյն նպատակին, ԵՍ-ԷՆ ՎԵՐ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ իր ծառայութեան մէջ։
Քրիստոսի կեանքը հրաշապատումներէ, խրթինաբանութիւններէ զերծ պահելով այսօր, իր յստակ ու պարզ, վճիտ խօսքէն ու գործէն ներշնչուելով, աւելի մարդկօրէն եթէ ճանչնանք զինք, անտարակոյս մատչելի կը դարձնենք աշխարհի փրկիչին։
Քրիստոսի չարչարանքը եւ խաչելութիւնը սոսկ իր կեանքին եւ վախճանին չեն վերաբերիր։ Իր էութիւնը ահա դարեր շարունակ իր անունով երդուող ազգեր ու տիրակալներ կը չարչարեն եւ անդադար կը խաչեն, ամէն անգամ որ իրենց եսին ու շահերուն կը ծառայեցնեն զինք եւ դէմ կ’երթան իր ուսմունքին։
Վախի եւ ահաբեկման վրայ չհաստատեց ան իր խօսքը եւ գործը, այլ սիրոյ եւ ողորմածութեան, մարդասիրութեան վրայ։ Մարդոց տուաւ ընտրելու իրաւունք եւ ոչինչ պարտադրեց օրէնքով կամ սուրով։ Մարդ ինք պիտի որոշէր իր կեանքի որակը եւ ըստ այնմ վարձատրուէր։
Դժբախտութիւնը հոն է, որ իշխանաւորներ եւ ծիրանաւորներ իրենց ընթացքով հասարակ մարդոց վարձատրութիւնը չափեցին իրենց արշինով, զայն մատուցելով յանուն Քրիստոսի, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունէր աստուածորդուն հետ։
Ի դէպ, մեզ համար աստուածորդին նուաճուած եւ բոլորին համար նուաճելի բարձունք է եւ ոչ ի ծնէ տրուած շնորհ, հաւատարիմ մնալով Քրիստոսը մարդուն մերձեցնելու եւ օրինակելի տիպար դարձնելու մեր միտումին։
Հազարամեակներ՝ աստուածորդին, իմա՝ կատարելութիւնը, իմաստութիւնը, ուղի լուսաւորողի ճամբան եթէ փակ չպահուեցաւ, անոր ձգտելու մղումը չառաջ- նորդուեցաւ եւ չքաջալերուեցաւ առօրեայ կեանքին մէջ։
Ամպերէն վեր, անջրպետի անհունութեան չափ անհասանելի դարձնելով աստուածութեան գաղափարը, մարդկութիւնը ոչինչ շահեցաւ. դաւանական վէճերը, կրօնական պատերազմները, հաւատաքննութիւնները միայն դառնացուցին անոր կեանքը, դժոխքի վերածեցին զայն։
Մինչդեռ կեանքի բարելաւման կրնայ ծառայել փոխանակ դժոխքով եւ վերջին դատաստանի սպառնալիքով դաստիարակելու սերունդները, զանոնք հաղորդութեան մէջ դնելը արարչագործութեան փիլիսոփայութեան, որուն անզուգական եւ կատարեալ պատգամաբերն ու միաժամանակ ուսուցիչն եղաւ Քրիստոս։
Ո՛չ, հերետիկոսութիւն չեմ փորձեր։ Ես Քրիստոսը չեմ ուզեր ընկալել աւելի քան երկու հազար տարի առաջ ապրած եւ գործած բարեկարգիչ մը կամ Աստուածորդի, Աստուած։ Անիկա ոչ անշունչ պատկեր է եւ ոչ ալ կենդանի աստուած, եթէ զայն չեն ապրեցներ զինք դաւանողները։ Կը յուսամ իր ԽՕՍՔԻՆ։
ԻՐԸ ԱՆՄԱՀ՝ ԱՊՐՈՂ ԽՕՍՔՆ Է, ԲԱՆԸ ինչպէս կ’աւանդէ աստուածաշունչ մատեանը, զոր ոչ թէ պէտք է անգիր սորվիլ, այլ առօրեայի մէջ կիրառել ամենահասարակ ձեւերով, օրինակ՝ անծանօթին ողջունելով ու բարի օր մաղթելով, ոչ ձեւականօրէն, այլ սրտանց։
Կը մնան անուղղաները, առաջին հերթին՝ մարդու կեանքին սպառնացողները, կողքը ապրող դրացին թէ մօտիկ ու հեռաւոր երկրէն դաւողը՝ միեւնոյնն է։ Աստուածային կատարելութեան եւ իմաստութեան մատչող ժողովուրդը պիտի չանճրկի նման երկընտրանքի առջեւ։ Նախայարձակը ինք որոշած պիտի ըլլայ արդէն իր դաժան վախճանը։ Կեանքը, մարդու կեանքը բարձրագոյն արժէք է, զոր պէտք է մինչեւ վերջ պաշտպանել։
Աստուած իր պատկերով ստեղծեց մարդուն։ Իսկ նախայարձակը արարչագործութեան օրէնքէն շեղողն է, որ անտարակոյս պիտի պատժուի մահուամբ։ Չկայ օրէնք որ հակառակը պնդէ։
Քրիստոս յանձնառու եղաւ չարաչար մահուան, իր առաքելութիւնը պսակող վսեմ նուիրումով։ Այդ զոհողութեան գնաց ան յանուն կեանքի եւ ոչ թէ մահուան։
Այս առումով ալ ան անսխալական է եւ ճշմարիտ, մարդկային չափանիշերով գործող։
Ամփոփելով՝ եթէ Քրիստոս կեանքի ուղին է, փրկիչը, կեանքը նորոգողը, վերացականէն առաջ պարտինք զայն դիտել մեր անմիջական առօրեային մէջ եւ կիրառելով՝ մանկուց ուսուցանել մարդու զաւկին, հեռանկար ունենալով կեանքի որակի բարելաւումը, աշխարհիկ դժոխքին յաղթահարումը, միաժամանակ աններող ըլլալով կեանքի բնական իրաւունքը բռնաբարել փորձողին հանդէպ։
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԴԱԴԱՐ ԻՐ ԽՕՍՔԸ ԳՈՐԾԻ ՎԵՐԱԾԵԼՆ Է։
Մնացածը անհասկնալի խրթինաբանութիւն է, միաժամանակ կեանքը եւ մտածումը դժուարացնող։
Զաւէն Լիյլոզեան
«Յուսաբեր»