image

ՔՊ-ն վարչապետի թեկնածու ընտրած է Նիկոլ Փաշինեանը

ՔՊ-ն վարչապետի թեկնածու ընտրած է Նիկոլ Փաշինեանը

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներքին ընտրութիւններու երկու փուլերու արդիւնքով ՔՊ-ի վարչապետի թեկնածու ընտրուած է Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Ան նշած է, որ սահմանուած ժամկէտի մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու բողոքարկման դիմումներ չեն ստացուած։

«Շնորհակալութիւն եմ յայտնում Հաշուիչ յանձնաժողովի բոլոր անդամներին, յանձնաժողովի նախագահ Յակոբ Արշակեանի գլխաւորութեամբ, փակ–գաղտնի քուէարկութեան երկու փուլերը բարձր մակարդակով եւ ըստ էութեան անթերի կազմակերպելու համար։

Շնորհակալութիւն եմ յայտնում բոլոր կուսակցական ընկերներիս՝ ինձ կրկին վստահութեան քուէ տալու, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրական ցուցակը գլխաւորելու եւ ՀՀ վարչապետի թեկնածու լինելու պատուոյն արժանացնելու համար։

Շնորհակալութիւն եմ յայտնում ՔՊ Վարչութեանը՝ կուսակցութեան քաղաքական աւանդոյթներին հաւատարիմ մնալու եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում նոր քաղաքական ստանդարտ սահմանելու համար»,- գրած է Փաշինեանը։

Հայաստանի խորհրդարանական հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան յունիս 7-ին։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն իր նախընտրական ցուցակը կազմած է երկփուլ ներքին ընտրութիւններու արդիւնքներով։