Ինչպէս գիտէք «Մուլթի Կրուփ» ընկերութիւնը հանդէս եկած է նախաձեռնութեամբ Հատիս սարին վրայ Յիսուս Քրիստոսի արձանի կառուցման վերաբերեալ: Այս մասին կառավարութեան նիստին ժամանակ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Համապատասխան փաստաթղթերը ներկայացուել են կառավարութիւն, կառավարութեան մարմինները պէտք է քննարկեն եւ որոշում կայացնեն, մեր նախնական գնահատականը նախագծի վերաբերեալ դրական է, որովհետեւ այն էական զբօսաշրջային նշանակութիւն կ'ունենայ Հայաստանի համար, յուսով եմ, որ մեր մարմինները պատշաճ ժամկէտում հարցը կը քննարկեն: Համապատասխան վարչական որոշումները կը կայացնեն եւ հոլովոյթը յառաջ կ'ընթանայ», ըսաւ ան: