Ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան անդրադարձած է իր հարաւ-ափրիկեան հիւսքերուն, նշելով, որ ինք կը գիտակցի, թէ Ֆոլանի ցեղախումբի յատուկ հիւսքեր են անոնք, սակայն իր դստեր՝ Նորթի ցանկութեամբ որոշած է նման արտաքինով ներկայանալ հեռուստադիտողին:
«BBC» լրատուական ցանցին փոխանցմամբ, Քարտաշեան իր հիւսքերուն պատճառով սուր քննադատութիւններու ենթարկուած էր թուիթըրեան օգտատէրերու կողմէ, որոնք զինք մեղադրած էին «մշակութային իւրացման» մէջ, որ կը նշանակէ մեծամասնութիւններու կողմէ փոքրամասնութիւններու մշակոյթի որդեգրում:
Քիմ Քարտաշեան յայտնած է, որ դուստրը՝ Նորթ իրմէ խնդրած էր, որ իրենք երկուքով իրենց մազերը մանր հիւսէին, իսկ ինք ընդառաջած էր անոր: