image

Սրբուհի Գալեանը նշանակուած է արդարադատութեան նախարար

Սրբուհի Գալեանը նշանակուած է արդարադատութեան նախարար

Սրբուհի Գալեանը նախագահի հրամանագրով նշանակուած է արդարադատութեան նախարար:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.

Սրբուհի Գալեանին նշանակել արդարադատութեան նախարար»,-ըսուած է հրամանագրին մէջ:

Նշենք, որ 4 նոյեմբերին Սրբուհի Գալեանն ազատուած էր ընդհանուր դատախազի տեղակալի պաշտօնէն: Ան այդ պաշտօնին նշանակուած էր 2020 թուականի սեպտեմբեր 1-ին: Դատախազութեան մէջ ան համակարգած է ապօրինի ծագման գոյքի բռնագանձման ոլորտը։