image

Քիեւին նոր մեծագումար յատկացում

Քիեւին նոր մեծագումար յատկացում

Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրէ յառաջիկայ ամիսներուն Ուքրանիոյ տրամադրել 9,9 միլիառ տոլարի լրացուցիչ պիւտճէթային աջակցութիւն:

Այս մասին ըսած է Պետական քարտուղարութեան միջազգային աջակցութեան բաժնի ղեկավար Տաֆնէ Ռենտը։

«Յառաջիկայ ամիսներուն մենք կը նախատեսենք տրամադրել 9,9 միլիառ տոլար եւ պատրաստ ենք աջակցելու Ուքրանիոյ կառավարութեան կենսունակութիւնը պահպանելու հարցով»,- ըսած է ան։

Ռենտի խօսքով,  ուղղակի պիւտճէթային օգնութիւնը Ուքրանիոյ, որ նախապէս տրամադրած էր Միացեալ Նահանգները, 13 միլիառ տոլար է: