Կ'ակնկալեմ, որ ամրան սկիզբը կը քննարկուի ժամանակակից արեւմտեան կործանիչներու մատակարարումներու թեման։ Այս մասին Spiegel-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը։
Ան պարզաբանած է, որ այդ կրնայ տեղի ունենալ դաշինքի երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման ժամանակ։
Սթոլթընպըրկը յիշեցուցած է, որ Լեհաստանն ու Սլովաքիան Ուքրանային արդէն մատակարարած են խորհրդային Միկ-29-ները։
Ատոր հետ մէկտեղ գլխաւոր քարտուղարը Քիեւի համար կարեւոր համարած է բաւարար քանակութեամբ զինամթերքի առկայութիւնը։