Թուրքիան Կիպրոսի հիւսիսը տեղակայած է վեց F-16 կործանիչ՝ տարածաշրջանին մէջ աճող լարուածութեան պայմաններուն մէջ անվտանգութեան միջոցառումները զօրացնելու նպատակով։
Այդ մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «որոշումը կայացուած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու լոյսի ներքոյ՝ Կիպրոսի թրքական հատուածի անվտանգութիւնն ամրապնդելու համար»։
Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ կործանիչներու տեղակայումը իրականացուած է փուլային անվտանգութեան ծրագրի շրջածիրէն ներս։ Նշուած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային կրնան ձեռնարկուիլ նաեւ լրացուցիչ միջոցառումներ՝ կախուած տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի զարգացումներէն։