image
Հրատապ լուրեր:

Քեսապի պատուիրակութիւնը այցելեց Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին

Քեսապի պատուիրակութիւնը  այցելեց Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին

Օրերս Քեսապէն Հալէպ ժամանած պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին։

Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2025-ին ընդունեց Սուրիոյ Հայ Աւեատարանական Համայնքային Ընդհանուր Ժողովի մասնակից Քեսապի Հայ Աւետարանական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ Համայնքապետարանի իր գրասենեակէն ներս։ Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ։

Զրոյցին ընթացքին կողմերը քննարկեցին Քեսապի համայնքը յուզող ներկայ հարցերն ու դիմագրաւուող մարտահրաւէրները: Քեսապի պատուիրակութիւնը ներկայացուց տեղական համայնքի իրավիճակը, կարիքներն ու առաջնահերթութիւնները։

Վերապատուելին իր կարգին շեշտեց համերաշխութեան, փոխադարձ զօրակցութեան եւ միասնական ծառայութեան կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը կը շարունակէ կանգնած մնալ ժողովուրդին կողքին։ Ան քաջալերեց Քեսապի համայնքը՝ տոկալու ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ եւ շարունակելու իրենց ծառայութիւնը հաւատքով եւ յոյսով։

Հանդիպումը եզրափակուեցաւ աղօթքով եւ փոխադարձ բարեմաղթանքներով՝ համայնքային կեանքի զօրացման եւ ապագայի լուսաւոր տեսլականի համար։